2016-08-06 09:01:00

Եունքեր. ''Ներկայիս Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը դժուար Է''։


Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Ժան Քլոտ Եունքեր գերմանական «Էյ.Առ.Տի.»-ին տուած հարցազրոյցի մը մէջ յայտարարած է, որ Թուրքիոյ մէջ մահապատիժի որդեգրման պարագային այդ երկիրը չի կրնար դառնալ Եւրոպական Միութեան անդամ:

Եւրոպական խորհուրդի նախագահը ընդգծած է. «Ներկայ պայմաններով Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը ընդունիլը դժուար է»` աւելցնելով, որ կառոյցին անդամակցելու պայմանները յայտնի են:

Միաժամանակ Եունքեր յայտնած է, որ Թուրքիոյ առջեւ Եւրոպական Միութեան դռները փակելը ծանր արտաքին քաղաքական սխալ պիտի ըլլայ:

Միւս կողմէն Աւստրիոյ վարչապետ Քրիսթիան Քեր առաջարկած է դադրեցնել Եւրոմիութեան անդամակցելու գծով Թուրքիոյ հետ բանակցութիւնները, որոնք այժմ կը շարունակուին իբրեւ «դիւանագիտական պարտականութիւն»։

Թրքական «Ենիշաֆաք» թերթը կը գրէ, թէ վարչապետ Քեր լուսարձակի տակ առած է Թուրքիոյ ժողովրդավարական եւ տնտեսական թերութիւնները: «Բոլորս գիտենք, որ Թուրքիոյ ժողովրդավարական չափանիշները Եւրոմիութեան անդամակցութեան համար բաւարար մակարդակի վրայ չեն: Տնտեսական ցուցանիշները նոյնքա՛ն կարեւոր են, իսկ Թուրքիոյ տնտեսութիւնը եւրոպական միջինէն շա՜տ հեռու է», շեշտած է ան:








All the contents on this site are copyrighted ©.